2013-10-12 09:42:11

Ֆաթիմայի Տիրամօր փայտէ արձանը Վատիկանի մէջ` Մարեմեան օրերու առթիւ


Ամէն տարի չորս միլիոն ուխտաւորներ կը ժամանեն ֆաթիմայի սրբավայրը` յարգանք մատուցելու եւ աղօթելու Տիրամօր փայտէ շինուած արձանին առջեւ։ 1917 թուականին, Տիրամայարը երեւցած է Ֆաթիմայի մէջ երեք հովիւներու ՝ Լուչիա, Ֆրանչէսգօ եւ Ճիաչինդա։
Ֆաթիմայի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը այցելած են երեք Քահանայապետներ.
1967 –ին Պօղոս Զ . Քահանայապետը, ապա Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը՝ երեք անգամ այցելած է սրբավայրը, առ ի երախտագիտութիւն Ֆաթիմայի Տիրամօր՝ որ զինք փրկած էր, 13 Մայիս 1981-ին, մահափորձի փորձանքէն եւ այդ առթիւ Ֆաթիմայի Տիրամօր թագին վրայ զետեղած է փափմբուշտը որուն միջոցաւ փորձած էին զինք սպաննել ։
Ապա երեք տարի առաջ , Ֆաթիմայի սրբավայրը այցելած է Պենետիկոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ։
Ֆաթիմայի Տիրամօր փայտէ արձանը 1942-2005 ժամանակամիջոցին,
Սրբավայրէն միայն 9 անգամ դուրս եկած է, շատ յատուկ առիթներու համար։
12 եւ 13 հոկտեմբերին, Քահանայապետական նոր աւետարանացումի խորհուրդը, հաւատքի տարուայ ծիրէն ներս եւ Ֆաթիմայի տիրամօր յայտնութեան տարեդարձի առթիւ, 13 հոկտեմբեր 1971 ին, Վատիկանի մէջ կազմակերպած է ''Մարեմեան օրեր'' ձեռնարկը եւ այս յատուկ օրերուն առթիւ, Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը սրբավայրէն կը փոխադրուի Վատիկանի արժանանալու համար հաւատացեալներու պաշտամունքին։









All the contents on this site are copyrighted ©.